Կաղանդչէք
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ
Եթէ գիտնամ
Թէ վերջընթեր Կաղանդին
Պիտի նուէրս ընդունիս
Ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուոցած
Հարիւր Կաղանդ ալ կսպասեմ սիրելիս
Նուէրներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն իշխանականը զատած
Եթե գիտնաս թէ կը սպասեմ սիրելիս
Զոյգ ձեռքրըս սրտիս նման քո անունիդ երկարած
Հարիւր կաղանդ ալ կը մնամ առանց քեզի սիրելիս
Գիտնամ միայն թէ վերջընթեր Կաղանդին
ժպիտներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն երջանիկովն աղուորցած
Պիտի գաս
Հարիւր Կաղանդ ալ կը սպասեմ — սիրելիս
Գիտնամ միայն
Թէ անպայման
Կաղանդներուն ամէնէն կոյս
Ամէնէն լոյս
Եւ ամէնէն եւ ամէնէն երազային հարիւրերորդ Կաղանդին
Մշտադալար եղեւինի մը տակ լուռ
Պիտի հալինք պիտի հատնինք անէանաք միասին
Անվերադարձ Կաղանդներուն պէս կեանքին
Հարիւր կաղանդ ալ կը սպասեմ
Գիտնամ միայն որ դուն գիտէս թէ կը սպասեմ սիրելիս…
Կաղանդի ծառ մը
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երկու բան պէտք է
Նախ ծառ մը — յետոյ զարդեր ծառին վրայ
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Երեք բան պէտք է
— Ծառէն զարդէն զատ
Հաւատքը գալիք աղուոր օրերու
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Մէկ բան կը բաւէ — ոչ ծառ ոչ ալ զարդ —
Ատիկա խիճերն ադամանդ կարծող
Միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանքն է
Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
Արդէն պատրանքը լրիւ կը բաւէ
Բարի տարի ձեզ եւ բարի պատրանք…
Սիրո Կաղանդ
Սեր կկանչե
Սիրո Կաղանդ — որ այս գիշեր
Երկինքն ի վար կղողանջե
— Երբ ղողանջե
ոտնաձայն մը — ան է — ան չէ —
Սիրո Կաղանդ որ չի տեսներ
թե սերն ինչպես զիս կտանջե
Սեր կկանչե
Սիրո Կաղանդ — որ այս գիշեր
լուսաճաճանչ կճաճանչե
— երբ ճաճանչե
ոտնաձայն մը — ա՞ն է — ան չէ —
Սիրո Կաղանդ որ չի գիտեր
թե սերն ինչու զիս կտանջե
Սիրո Կաղանդ — կնահանջե –
Անուշապուր
Կաղանդ Պապա մը գար
Նվերներ բերեր
Տար տար չհատներ
Ծառ մը բարձրանար
Թիզ թիզ -օրեօր-
Երկինք չհասներ
Ինչ որ կյանք կըսենք
Անուշապուր մը ըլլար-ուտեինք-
Կեր կեր- չհատներ
Կաղանդ Պապային մօրուքը
Կաղանդ Պապային մօրուքը ճերմակ է
Ալիւրի նման
Ըսէ — Կաղանդ Պապա
Մօրուքէդ հաց կը շինուի՞
Սերենատի պէս
Բարի սիրուհիի մը նման
մառախուղը թեւերուն մէջ է առեր Կիկոն
Երբ ամենուրեք խոնաւ է գիշերանց
խոնաւ — կայմերը կամ Կիկոյի յիշատակները —
պէտք է բոլոր լամբարները մտերմաբար բարեւել
պէտք է փայփայել Կամուրջին բազրիքները
յետոյ կծկուիլ մառախուղին ծոցին
Մառախուղը — բարի մառախուղը որ թեւերուն մէջն է առեր ամէն ինչ
ամէն ինչ — կայմերը Կղզիները կամ Կիկոն
բարի սիրուհիի մը նման կʼըսէ
Ի՞նչ բան կայ աւելի հաւատարիմ
քան մեծ վիշտ մը — առանձնութեան մէջ —
— Կիկօ կʼերազէ —
Բարի սիրուհիի մը նման
մառախուղը թեւերուն մէջ է առեր Կիկոն